2011-05-18 13:18:32

Վերջ Գտաւ Կարտինալ Սարա-ի Եռօրեայ Այցելութիւնը Ճաբոն` Աղէտեալներու Հետ Հանդիպում Եւ Աղօթք Յաչս Ծովուն։


Կարտինալ Սարա` նախագահը ''մէկ սիրտ'' կոչուած Վատիկանի բարեսիրական մարմին, յանուն Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին երեք օրուայ այցելութիւն կատարած է Ճաբոնի երկրաշարժի թիրախ դարձած վայրերը ։
Ան հանդիպում ունեցած է անօճախներուն հետ ու պատարագ մատուցած Սայթամա թեմի եկեղեցւոյ մէջ։
Քահանայապետին ներկայացուցիչը խորապէս ցնցուած էր ի տես այս ողբերգական տեսարանին։ Հոգեհանգստեան աղօթք բարձրացուց առ Աստուած աւելի քան 15.000 զոհերուն եւ աւելի քան 10 հազար կորսուածներուն ի հանգիստ։ Նոյնպէս ան իր աղօթքին մէջ յիշեց բոլոր մահէն ազատ աղէտեալները, որոնք վախի մէջ կ'ապրին ու միջուկային շողարձակումներու սպառնալիքի ենթակայ են։ Հուսկ պահ մը լռութիւն պահելէ ետք կարտինալ Սարա ծաղկեփունջ մը նետեց Խաղաղական ովկիանոսին մէջ։ Քահանայապետի նուիրակը այցելեց Գարիթասի կեդրոնը, ուր կ'ապրին 380 անօթեւաններ։ Կարտինալը ողջունեց Գարիթասի կամաւորները ու անոնց հաղորդեց Սրբազան Քահանայապետին օրհնութիւնն ու աղօթքը։ Սայթամայի թեմի եկեղեցւոյ մէջ Կարտինալը պատարագ մատուցեց ու թեմի առաջնորդին յանձնեց Սրբազան Հօր նուիրած 150 հազար տոլարը։








All the contents on this site are copyrighted ©.